Home > Author > Maurice Blanchot >

" Ճիշտ է, որ ես ալ տակաւին հետդ խօսելու պէտքը կը զգամ, ինչպէս դէմքի մը որ դիմացս ըլլար, հոն` հորիզոնին վրայ: Անտեսանելի դէմք: Այդ դէմքին, միշտ աւելի անտեսանելի դեմքին տարածութիւնը, և մեր միջեւ` անդորրութիւնը: Կարծես մեռած ըլլայի ես այդ յիշելուս համար, ցանկութիւնը եւ յիշատակը կարելի եղածին չափ հեռու փոխադրելու համար: Արդեօք մարդ պիտի ուզէր մեռնի՞լ `բան մը յիշելու համար: Արդեօք դուն այդ յիշատակին մտերմութի՞ւնն ես: Արդեօք ես պետք է խօսիմ որպէսզի գաս եւ ճիշտ դիմացս կայնիս: Եւ դուն արդեօք պէտքը չե՞ս զգար վերջին անգամ մը, անդորրութեան կողքին այդ բարակ ու դէմքը ըլլալու: Գերազանց կարելիություն` մեծ խոհին եւ մեծ ստութեան կողմէ նայուելու: Կարծեմ այդ է որ մեզ, երկուքս ալ փորձութեան կը մատնէ` զիս` որ դուն ըլլաս դէմք մը, ինչ որ տեսանելի է դեմքի մը մէջ, եւ քեզ` որ նորէն դէմք մը ըլլաս ինձ համար, մտածում մը ըլլաս եւ սակայն դէմք մը: Ցանկութիւնը գիշերուան մէջ տեսանելի ըլլալու, որպէսզի գիշերը անտեսանելիօրէն ջնջուի: "

Maurice Blanchot , Death Sentence


Image for Quotes

Maurice Blanchot quote : Ճիշտ է, որ ես ալ տակաւին հետդ խօսելու պէտքը կը զգամ, ինչպէս դէմքի մը որ դիմացս ըլլար, հոն` հորիզոնին վրայ: Անտեսանելի դէմք: Այդ դէմքին, միշտ աւելի անտեսանելի դեմքին տարածութիւնը, և մեր միջեւ` անդորրութիւնը: Կարծես մեռած ըլլայի ես այդ յիշելուս համար, ցանկութիւնը եւ յիշատակը կարելի եղածին չափ հեռու փոխադրելու համար: Արդեօք մարդ պիտի ուզէր մեռնի՞լ `բան մը յիշելու համար: Արդեօք դուն այդ յիշատակին մտերմութի՞ւնն ես: Արդեօք ես պետք է խօսիմ որպէսզի գաս եւ ճիշտ դիմացս կայնիս: Եւ դուն արդեօք պէտքը չե՞ս զգար վերջին անգամ մը, անդորրութեան կողքին այդ բարակ ու դէմքը ըլլալու: Գերազանց կարելիություն` մեծ խոհին եւ մեծ ստութեան կողմէ նայուելու: Կարծեմ այդ է որ մեզ, երկուքս ալ փորձութեան կը մատնէ` զիս` որ դուն ըլլաս դէմք մը, ինչ որ տեսանելի է դեմքի մը մէջ, եւ քեզ` որ նորէն դէմք մը ըլլաս ինձ համար, մտածում մը ըլլաս եւ սակայն դէմք մը: Ցանկութիւնը գիշերուան մէջ տեսանելի ըլլալու, որպէսզի գիշերը անտեսանելիօրէն ջնջուի: